3401 Olivar-Asselin
Montreal, QC H4J 1L5

ph: 514-513-4224
alt: 514-331-5445 X 202

torosab@gmail.com

  • Տուն
  • Մեր մասինClick to open the Մեր մասին menu
    • Նպատակ
    • Historique
    • Դպրոցի Առօրեան
    • Video
    • Տնօրէնին Խօսքը
  • ԼրահոսClick to open the Լրահոս menu
    • Rentrée
    • Ձեռնարկներ
    • 2012-13
    • 2011-12
    • 2010-11
    • Սուրբ Ծնունդ 2018
    • 2013 Սուրբ Ծնունդ
    • 2012 Սուրբ Ծնունդ
  • Սուրբեր Եւ ՏօներClick to open the Սուրբեր Եւ Տօներ menu
    • Ս. Նունէ
    • Ս. Աւետարանիչներ
    • Ս. Թադէոս եւ Բարթողոմէոս
    • Ս. Յակոբ
    • Հրեշտակապետներ Գաբրիէլ եւ Միքայէլ
    • Ս. Յովհան Ոսկեբերան
    • Ս. Մանէ
    • 40 Մանկունք
    • Ս. Ղեւոնդեանք
    • Ս. Թէոդորոս Զօրավար
    • Սրբոց Թարգմանչաց
    • Ս. Վարդանանք
    • Ս. Գէորգ Զօրավար
    • Տօնացոյց 2016
    • Ս. Խաչի Երեւման Տօն
    • Այլակերպութիւն
    • Տեառնընդառաջ
    • Խաչվերաց
    • Համբարձում
    • Տաղաւար
    • Վարագայ Սուրբ Խաչ
    • Հոգեգալուստ
    • Նիկիոյ Ժողով
  • ԳիրքերClick to open the Գիրքեր menu
    • Դասագրքեր
    • Այլ Գիրքեր
    • Սուրբ Պատարագ
    • Եկեղեցական Բառարան
    • Լեզուական Բառարան
    • Կանթեղ
    • Մաղթերգ Կիրակնօրեայ Դպրոցներու
    • Երգեր
    • Ժամանակացոյց
    • Հայերէն
  • Մաշտոցի Արձագանգ
  • Blog

Սուրբ Ծնունդ 2018

Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Դպրոցի Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան յայտագիրը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 7 Յունուար 2018-ի ժամը 11:30-ին, Ս. Յակոբ Վարժարանի «Բաստրմաճեան» սրահին մէջ՝ ի ներկայութեան ծնողներու եւ բարեկամներու:
  Աշակերտներ եւ հանդիսատեսներ յոտնկայս երգեցին Տէրունական աղօթքը: Ապա աշակերտները դարձեալ  յոտնկայս՝ աղօթեցին Ներսէս Շնորհալիի  «Իմաստութիւն Հօր՝ Յիսուս»ը  ու երգեցին Կիրակնօրեայի քայլերգը:
    Ապա խօսք առաւ Տնօրէնը՝ Թորոս Պապիկեան որ անդրադարձաւ Մանուկ Յիսուսի բացակայութեան Դեկտեմբեր ամսուան մէջ ուր Christmas-ի տիրական դէմքը Կաղանդ Պապան էր: Բացատրելէ ետք պատմական պատճառները որոնք 5-րդ  դարուն ստիպեցին   Եւրոպայի եպիսկոպոսներուն փոխելու Ս. Ծննդեան օրը Յունուար 6-էն Դեկտեմբեր 25-ի, ան հաստատեց թէ Կիրակնօրեան, կը ձգտի իր աշակերտներուն մէջ Հայ Քրիստոնեայ նկարագիր կերտել, հիմնուած Քրիստոսի վրայ, եւ առ այդ Կիրակնօրեայ Դպրոցի աշակերտը քաջատեղեակ պահելու համար Քրիստոսի Ծնունդին, ամէն տարի կը պատրաստէ Սուրբ Ծննդեան կենդանի պատկերը, ուր երկրորդականի աշակերտները կը կարդան Մատթէոսի եւ Ղուկասի աւետարաններէն հատուածներ եւ մանկապարտէզի ու նախակրթարանի աշակերտները կը ներկայացնեն  հովիւներ, մոգեր, հրեշտակներ, Մարիամ, Յովսէփ, Օրէնքի ուսուցիչներ ու Հերովդէս թագաւորը: 
    Ապա սկսաւ կենդանի պատկերը:  Ընթերցողներ՝ Երկրորդականի աշակերտներ՝
Արմէն Փիլիպոսեան,  Հրակ Պանքեան,  Ալեքս Տեմերճեան, Թալին Խաշընձեան, Առէն Յակոբեան, Թամար Խշխշեան, Սարին Խշխշեան  (ուսուցիչ՝ Առէն Պապիկեան, ուղեկից  ուսուցիչ՝ Մհեր Պանքեան)   փոխն ի փոխ կարդացին Աւետարաններէն, մինչ մնացեալ աշակերտները կենդանի պատկեր մը ներկայացուցին ըստ կարդացուածին: Բեմը կը ներկայացնէր վրան մը, որ գործածուեցաւ թէ՛ որպէս Յովսէփի եւ Մարիամի Նազարէթի տունը եւ թէ՛ այն քարայրը ուր Յիսուս ծնաւ (բեմի պատասխանատու՝ Սեւակ Պապիկեան, կարգապահութեան պատասխանատու՝ Սդեֆան Տեմիրճեան): 
                  Ճոխ էր տարազներու հաւաքածոն (բեմի զարդարանք եւ տարազներու պատասխանատուներ՝ Յասմիկ Նաճարեան եւ Շողիկ Նաճարեան): Իւրաքանչիւր աշակերտ առիթը ունեցաւ բեմ ներկայանալու, եւ կարդացուածին բոլոր մանրամասնութիւնները ներկայացուեցան: Հետաքրքրական էր փոքրիկ հովիւներուն ներկայութիւնը իրենց ոչխարներով եւ «երկնաւոր զօրքերու բազմութիւն»ը որ ներկայացուց «Հրեշտակներու պարը» (պարուսոյց՝ Ռուբինա Գարամինասեան): 
   
    Կենդանի պատկերի աւարտին ժամանեց Կաղանդ Պապուկը որուն ներկայութեան Մանկապարտէզի աշակերտները արտասանեցին «զԳործս Ձեռաց մերոց    » եւ «Իմաստութիւն Հօր Յիսուս» աղօթքները (ուսուցչուհի՝ Յասմիկ նաճարեան):   Նախակրթարանի Ա. եւ Բ. դասարաններու աշակերտները արտասանեցին Սաղմոս 23 (ԻԲ) եւ երգեցին, «Լուռ Գիշեր», «Ծափ զարկ աշխարհ»  եւ «Կաղանդ պապան ուշ է ուշ է մնացեր» երգերը (ուսուցչուհի Թալին Բարսեղեան եւ դաշնակի ընկերակցութեամբ Բասգալ Տեմիրճեանի):

    Որմէ ետք Նախակրթարան Գ. եւ Դ. դասարաններու աշակերտները կարդացին «Նամակ Կաղանդ Պապային» բանաստեղծութենէն հատուած մը (ուսուցչուհի՝ Թամար Գիզիրեան):

    Ապա Նախակրթարան Ե. եւ Զ. դասարաններու աշակերտները գոց ըսին «Հաւատամքը» (ուսուցչուհի՝ Շողիկ Նաճարեան):

    Յայտագրի աւարտին ներկաները հիւրասիրուեցան կարկանդակով (պատրաստուած   ուսուցչուհի Տիկ. Թալին Բարսեղեանի կողմէ), սուրճով եւ  պտուղի հիւթով: Հաւաքոյթը աւարտեցաւ ներկաներու նոր տարուայ բարեմաղթութիւններու փոխանակումով:    
  

Մեր հին կայքէջը,Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ կայքէջը,

 

L'École Arménienne Sourp Hagop Սուրբ Յակոբ Ազգային Վարժարանի կայքէջը



Copyright 2011 Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Սուրբ Յակոբ Կիրակնօրեայ Դպրոց. All rights reserved.

Web Hosting by Turbify

3401 Olivar-Asselin
Montreal, QC H4J 1L5

ph: 514-513-4224
alt: 514-331-5445 X 202

torosab@gmail.com