3401 Olivar-Asselin
Montreal, QC H4J 1L5
ph: 514-513-4224
alt: 514-331-5445 X 202
torosab
Ս. ՅԱԿՈԲ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԴՊՐՈՑԻՆ ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍԸ
Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեան իր 31-րդ
տարեշրջանը բոլորեց: Կիրակի, 22 Մայիսի յետմիջօրէին, Ս. Յակոբ Վարժարանի
Բաստրմաճեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ամավերջի հանդէսը՝ ի ներկայութեան հայ հոգեւոր արժէքներուն գիտակից ծնողներու եւ հովիւին՝ Արժ. Տ. Գառնիկ Քհնյ. Գոյունեանի:
Ամփոփ եւ յաջող յայտագիր մը պատրաստուած էր: Աշակերտներ եւ ժողովուրդ
յոտնկայս երգեցին Տէրունական աղօթքը: Ապա աշակերտները դարձեալ յոտնկայս՝ աղօթեցին Ներսէս Շնորհալիի «Իմաստութիւն Հօր, Յիսուս»ը, ու երգեցին Կիրակնօրեայի Մաղթերգը:
Բացման խօսքը կատարեց երկրորդականի աշակերտներէն՝ Առէն Պապիկեան: Ան իր խօսքին մէջ յիշեց կարեւոր միտք մը, որ քաղուած էր Եղիշէի պատմագիրքէն, եւ ըսաւ՝ «Քանզի հայր մեր զՍուրբ Աւետարանն գիտեմք, եւ զմայր՝ զԱռաքելական եկեղեցին կաթողիկէ»...Վարդանանց սերունդը այսպէս ուխտեց եւ դէպի նահատակութիւն գնաց քաջութեամբ:
«Հոգենորոգ զուարթութիւն» անունով կենդանի պատկեր մը պատրաստուած
էր: Խումբ մը աշակերտներ դաստիարակիչ այս խաղը յաջողութեամբ ներկայացուցին: Գլխաւոր դերակատարն էր Արշակ Խշխշեան: Չարիք եւ վնաս հասցնելու բարքով պատանիի մը դերը ստանձնած էր ան: Խաղի վերջաւորութեան՝ անոր ընթացքը բարութեան փոխուած էր: Առողջ եւ Աստուծոյ շնորհքով դաստիարակութիւնը՝ կեանքին բարիք է:
Մանկապարտէզի ու Նախակրթարանի Ա. Եւ Բ. Դասարաններու աշակերտները
«Սուրբ Աստուած», «Քրիստոս Ի մէջ մեր յայտնեցաւ» եւ «Մարմին Տէրունական» շարականները երգեցին: Ապա Աստուածաշունչէն ոսկեղէն համարներ արտասանեցին:
Նախակրթարանի Գ., Դ., Ե., Զ., եւ Երկրորդականի աշակերտները միասնաբար 23-րդ Սաղմոսը արտասանեցին:
Աշակերտական բոլոր ելոյթները բեմին վրայ մանկական ազատութեամբ եւ
ուրախ հոգիով կատարուեցան ու ներկաները զուարթացուցին:
Պրն. Թորոս Պապիկեան, նախանձախնդիր տնօրէնը Կիրակնօրեային, իր
խօսքին մէջ շնորհակալութիւններ յայտնելէ, եւ Միջին Արեւելքէն ներս հայ ըլլալու յարաբերաբար նպաստաւոր վիճակը պարզելէ յետոյ՝ ըսաւ հետեւեալը, թէ մեր ապրած շրջագիծին մէջ մկրտութիւնը ֆիզիքականօրէն եկեղեցւոյ չի կապեր հայ անհատը, թէ քրիստոնէութիւնը կը վարկաբեկուի կարգ մը եկեղեցականներու մոլորութիւններուն շուրջ տեղեկատուական յաճախակի արշաւներով, թէ քրիստոնէաբար աղօթելը կ’արգիլուի քաղաքական եւ կրթական հաստատութիւններու մէջ:
Պրն. Պապիկեան մատնանշեց Հայց. Եկեղեցւոյ շուրջ լարուած թակարդները,
ակնարկեց մանուկները հակակրօն կամ ապակրօն գաղափարներով դաստիարակելու քաղաքականութեան, եւ ցոյց տուաւ Սուրբ Յակոբ Կիրակնօրեային նպատակը, ըսելով.
ա.- Հայց. Եկեղեցւոյ դաւանութեան եւ աւանդութեան համաձայն կրօնական
դաստիարակութիւն տալ մանուկներուն ու պատանիներուն, որովհետեւ ուրիշ տեղ այդ դաստիարակութիւնը չի տրուիր: Եւ
բ.- Այդ դաստիարակութիւնը կ’ուզէ հայ ժողովուրդի նոր սերունդը գիտակից
դարձնել իր կրօնքին, Մայրենի եկեղեցւոյն, ինչպէս նաեւ անոր քաղաքացիութիւնը կերտել հայ քրիստոնէական հիմերու վրայ:
Ան վերյիշեցուց, թէ իւրաքանչիւր հայ ընտանիք պէտք չէ մոռնայ, որ հայ քրիստոնէական դաստիարակութիւնը իր իրաւունքն է եւ պատասխանատուութիւնը, որովհետեւ հայ քրիստոնէութիւնը շահուած է՝
ա.- Թադէոս եւ Բարթողիմէոս առաքեալներուն նահատակութեամբ.
բ.- Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի չարչարանքներով.
գ.- Սահակ-Մեսրոպ-Վռամշապուհի իմաստութեամբ, երազով եւ քրտինքով.
դ.- Աւարայրի հերոսներու արեամբ. եւ
ե. Նուարսակի դաշնագրի ստորագրութեամբ:
Պրն. Պապիկեան շեշտեց, որ Կիրակնօրեան մնայուն Վարդանանց է:
Տնօրէնի խօսքին յաջորդեց վկայագրերու, վկայականներու եւ նուէրներու
բաշխումը:
Հովիւը հուսկ բանքով շնորհակալութիւններ յայտնեց տնօրէնին, ուսուցիչներուն եւ ծնողներուն: Գովեց անոնց նուիրումը: Եւ աշակերտներուն ուղղելով իր խօսքը՝ զանոնք հայ եկեղեցւոյ զինուորներ կոչեց, եւ վստահութեամբ յուսաց, որ անոնք իրենց ամենօրեայ դասընկերներուն մօտ Կիրակնօրեայի բարիքներուն մասին պիտի խօսին եւ զանոնք հոգեւոր կրթարանին աշակերտ ըլլալու հրաւիրեն:
Հանդէսը աւարտեցաւ աղօթքով եւ «Կիլիկիա» մաղթերգով:
Նոյն առիթով, ըստ մեր Կիրակնօրեայի աւանդութեան՝ ներկաներուն բաժնուած էր «Մաշտոցի Արձագանգ» պարբերականի տարեկան բացառիկը:
* * *
Գիտես, սիրելի ընթերցող, որ ի՜նչ շահեկան է «Մաշտոցի Արձագանգ» ին ամէն մէկ թիւը: Քեզմէ կը խնդրեմ, որ անոր քարոզչութիւնը կատարես: Թէեւ անիկա աշխարհով մէկ հռչակ ունի, բայց որքան աւելի տուն հասնի՝ այնքան Կիրակնօրեային, եւ ուստի Հայ եկեղեցւոյ առաքելութիւնը կը տարածուի:
Տարեկան բացառիկին սկիզբը՝ Հովիւին եւ հոգաբարձութեան կողմէ նամակ մը
կայ, ուր ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսի 2011-ի կոնդակին անդրադառնալով գրուած է . «Մանուկները ժողովուրդի մը ապագան են: Հայ մանուկներն ալ՝ հայ ժողովուրդի ապագան են: Հետեւաբար, պատասխանատու դաստիարակութեամբ զանոնք պէտք է կրթել: Այսինքն՝ կրթել այնպէս՝ որ հայ մանուկները աճին երկնային ազատութիւնը շնչելով, զարգանան՝ սորվելով տեսնել բարին, գեղեցիկը եւ ազնիւը:
Մեր համայնքը իր կրթական հաստատութիւններէն Կիրակնօրեան հիմնելով՝
պատասխանատու դաստիարակութեան կարեւոր քայլ առած էր: Հարիւրաւոր
մանուկներ այնտեղ Հայ եկեղեցւոյ ոգիին մէջ աճեցան ու կ’աճին: Այն ոգին ուղեղի լուացում չ’ուզեր, այլ կը պահանջէ յարգել անհատին զարգացումը՝ իբր քաղաքացի Աստուծոյ արքայութեան»:
Մոնթրէալի հայութեան պատասխանատուութիւնն ու պարտքն է Կիրակնօրեայ եւ եկեղեցի բերել իր մանուկներն ու պատանիները:
Մեր հին կայքէջը,Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ կայքէջը,
L'École Arménienne Sourp Hagop Սուրբ Յակոբ Ազգային Վարժարանի կայքէջը
Copyright 2011 Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Սուրբ Յակոբ Կիրակնօրեայ Դպրոց. All rights reserved.
3401 Olivar-Asselin
Montreal, QC H4J 1L5
ph: 514-513-4224
alt: 514-331-5445 X 202
torosab