3401 Olivar-Asselin
Montreal, QC H4J 1L5
ph: 514-513-4224
alt: 514-331-5445 X 202
torosab
Սեբաստիոյ մէջ նահատակուած 40 զինուորներ (քառասուն մանկունք)
4-րդ դարու սկիզբը նահատակուած Քրիստոսի 40 վկաները Փոքր Հայքի տարբեր քաղաքներէն էին և զինուորական ծառայութեան մէջ էին Սեբաստիոյ կայսերական գունդին մէջ: Երբ Լիկիանոս կայսեր հրամանով Կեսարիայի դուքս Լիւսիասը հարցաքննութիւն կը կազմակերպէ՝ բանակին մէջի քրիստոնեայ զինուորներ յայտնաբերելու նպատակով, անոնցմէ 40-ը, հաւատարիմ իրենց հաւատքին, անվեհեր պատասխաններով դատաւորներու զայրոյթը կը յառաջացնեն եւ կը բանտարկուին։ Ձմեռնային ցուրտ գիշեր մը զիրենք կը նետեն Սեբաստիոյ մօտակայ լիճը։ 40-էն միայն մէկը չի կրնար տանջանքներուն դիմանալ։ Դուրս ելլելով սառած ջուրէն, ան կը փորձէ փրկութիւն գտնել լճափին կառուցուած տան մէջ, սակայն այդպէս կնքելով մահկանացուն, կը զրկուի թէ՛ երկրային և թե՛ երկնային կեանքէն։ Լուսադէմին միւս բոլոր նահատակները կ’երեւին լոյսէ պսակներով զարդարուած։ Պահապան զինուորներէն մէկը, տեսնելով այդ, կը լեցուի Քրիստոսի հաւատքով և նետուելով լիճը, պսակակից կը դառնայ անոնց: Աստուածային հրաշքով ձմեռնային սառնամանիքը դիմակայած վկաները առաւօտեան կը նահատակուին։ Անոնց նշխարները կ’ամփոփուին Սեբաստիոյ մէջ , ուր հետագային կը կառուցուի «Քառասուն մանկունք» 40 գմբեթանի տաճարը, որ կանգուն մնացեր է մինչեւ Լենկթիմուրի արշաւանքը:
40 մանկանց (զինուորներու) պատմութիւնը կը յորդորէ կեանքի բոլոր
դժուարութիւններուն մէջ հաւատարիմ մնալ Քրիստոսի հաւատքին, յաղթահարել
դիւրահաճ գայթակղութիւնները՝ երկնային պսակին արժանանալու համար:
Մեր հին կայքէջը,Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ կայքէջը,
L'École Arménienne Sourp Hagop Սուրբ Յակոբ Ազգային Վարժարանի կայքէջը
Copyright 2011 Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Սուրբ Յակոբ Կիրակնօրեայ Դպրոց. All rights reserved.
3401 Olivar-Asselin
Montreal, QC H4J 1L5
ph: 514-513-4224
alt: 514-331-5445 X 202
torosab