3401 Olivar-Asselin
Montreal, QC H4J 1L5
ph: 514-513-4224
alt: 514-331-5445 X 202
torosab
Ձգեցէք որ մանուկները ինծի գան...
Մարկոսի Աւետարանին 10.13-15 մէջ կը կարդանք.
«Ժողովուրդէն ոմանք մանուկներ բերին Յիսուսի, որպէսզի ձեռքը դնէ անոնց վրայ,
բայց աշակերտները սաստեցին բերողները: Երբ Յիսուս տեսաւ, բարկացաւ եւ սաստեց աշակերտները, ըսելով.
- Ձգեցէք որ մանուկները ինծի գան, արգելք մի՛ ըլլաք անոնց , որովհետեւ
այդպիսիներուն է Աստուծոյ Արքայութիւնը»:
1929ին Կիլիկիոյ երջանկայիշատակ Սահակ Բ. Կաթողիկոս Խապայեանը,
Ցեղասպանութենէն ազատած եւ տարագրուած հայ ազգի զաւակներուն Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ ցիր ու ցան եղած մնացորդացը հաւաքելու միակ ձեւը կը գտնէր զանոնք Քրիստոսի եւ Հայ Եկեղեցւոյ շուրջ հաւաքելուն մէջ: Եւ անոր համար կը հիմնէր, Հայաստանեաց Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Դպրոցները որպէսզի, ինչպէս կ’ըսէ իր բառերով. «Չենք կրնար թոյլ տալ որ հայ մատաղ սերունդը հակակրօն գաղափարներով դաստիարակուի:» եւ կ’աւելցնէ «Մենք յայտնի կերպով կը տեսնենք թէ ի՛նչպիսի ողբալի վիճակի մը մէջ ինկած է Աւետարանի լոյսէն, կրօնքի սրբարար շնորհքէն զրկուած հայ երիտասարդութիւնը: Մենք կ’ուզենք որ մեր Մայրենի Եկեղեցւոյն զաւակները հարազատ զաւակները ըլլան իրենց Ընտանիքին, իրենց Ազգին, եւ իրենց Եկեղեցւոյն: ...Վերջապէս չենք ուզեր որ անկրօն եւ տգէտ մեծնայ հայ ժողովուրդի երիտասարդ սերունդը»:
Մանուկները, Յիսուսի կարենալ երթալու համար 2 բան պէտք ունին.
Հայ Մայրը, որպէսզի իր զաւակը Յիսուսի տանի, պէտք է հաւատայ, որ որպէս Հայ, ասիկա իր իրաւունքն է, որովհետեւ որպէս հայ մայր, ասիկա իր պարտքն է ու իրաւունքը որ շահած է,
ա. Թադէոս եւ Բարթողոմէոս Առաքեալներու նահատակութեամբ,
բ. Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի չարչարանքներով,
գ. Սահակ-Մեսրոպ-Վռամշապուհի իմաստութեամբ, երազով եւ քրտինքով,
դ. Աւարայրի հերոսներու արիւնով եւ
ե. Նուարսակի Դաշնագրի ստորագրութեամբ:
«Ձգեցէք որ մանուկները ինծի գան, արգելք մի՛ ըլլաք անոնց , որովհետեւ
այդպիսիներուն է Աստուծոյ Արքայութիւնը»:
Սահակ հայրապետը իր իմաստութեամբ, Յիսուսի այս խօսքը որպէս նշանաբան ունենալով մէկ նախադասութեամբ կ’աղերսէր հայ մայրերուն որ իրենց զաւակները Քրիստոսի մօտեցնեն եւ Քրիստոսի խօսքերով կը սաստէր բոլոր անոնց որոնք տարբեր ձեւերով արգելք կը հանդիսանային որ Հայ ազգին մանուկները մօտենան Քրիստոսի:
Արդեօք մենք ո՞ր խումբին կը պատկանինք: Անոնց որոնք իրենց զաւակները
Քրիստոսի կը մօտեցնե՞ն թէ անոնց որոնք ոչ թէ միայն չեն մօտեցներ, այլ նաեւ արգելք կ’ըլլան բոլոր անոնց որոնք կ’ուզեն իրենց զաւակները Քրիստոսի մօտեցնել:
Մեր հին կայքէջը,Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ կայքէջը,
L'École Arménienne Sourp Hagop Սուրբ Յակոբ Ազգային Վարժարանի կայքէջը
Copyright 2011 Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Սուրբ Յակոբ Կիրակնօրեայ Դպրոց. All rights reserved.
3401 Olivar-Asselin
Montreal, QC H4J 1L5
ph: 514-513-4224
alt: 514-331-5445 X 202
torosab