3401 Olivar-Asselin
Montreal, QC H4J 1L5
ph: 514-513-4224
alt: 514-331-5445 X 202
torosab
Ստորեւ կուտանք բնագիրը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հարցազրոյցին, որ լոյս տեսաւ Երեւանի մէջ հրատարակուող ՙԵրեվակ՚ հասարակական-քաղաքական ամսագրին Սեպտեմբեր 2011 թիւին մէջ:
ՙԵրեվակ՚ի գլխաւոր խմբագիրը կապ պահեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դիւանին հետ, յայտնելով որ խմբագրութիւնը մեծապէս երախտապարտ պիտի ըլլայ եթէ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս պատասխանէ իրեն ուղղուած երեք հարցումներուն: Մեզի ըսուեցաւ, թէ Վեհափառ Հայրապետը ընդհանրապէս ընթացք չի տար թերթերու կողմէ կատարուած հարցազրոյցի խնդրանքներուն, այլ կը նախընտրէ իր հայրապետական պատգամներուն ու հրատարակութիւններուն ճամբով իր ըսելիքը փոխանցել մեր ժողովուրդին: Սակայն, մեր կրկնակի խնդրանքին վրայ Վեհափառ Հայրապետը բացառաբար այս հարցազրոյցը շնորհեց մեզի, որուն համար կը յայտնենք մեր ջերմ շնորհակալութիւնը: |
1.– Վեհափառ Տէր, եկեղեցին հոգեւո՞ր, թէ նաեւ ազգային կառոյց է:
– Հարցումը դրուած է ընդհանուր շրջագծի մէջ: Հետեւաբար, նախ ձեր հարցումին պատասխանենք ընդհանուր կերպով, եւ ապա անդրադառնանք հայ եկեղեցւոյ: Աստուծոյ Որդին՝ Յիսուս Քրիստոս աշխարհ չեկաւ եկեղեցի հիմնելու համար, այլ՝ առաքելութեան մը համար: Այդ առաքելութիւնը մարդու ազատագրումն էր իր ՙես՚ի, նիւթին, չարին տիրապետութենէն եւ մարդուն վերադարձը իր աստուածային պատկերին. այլ խօսքով՝ իր հարազատ էութեան ու ճշմարիտ կոչումին: Քրիստոս այս նպատակը իրագործելու ճամբան բացաւ հոգեւոր ու բարոյական արժէքներ, ճշմարտութիւններ ու սկզբունքներ քարոզելով եւ այդ առանցքին վրայ հաստատելով իր թագաւորութիւնը: Իր երկրաւոր կեանքի վերջալոյսին, Քրիստոս իր աշակերտներուն սրբազան պարտաւորութիւն մը յանձնեց՝ շարունակելու իր առաքելութիւնը: Հաւատարիմ Քրիստոսի պատուէրին, աշակերտներ գացին աշխարհի բոլոր կողմերը, նաեւ եկան Հայաստան, եւ դարձան Քրիստոսի ցանած սերմերուն մշակները: Քրիստոնեայ համայնքներ ստեղծուեցան ու հետզհետէ ստացան կազմակերպչական ձեւ ու կառոյց:
Արդ, եկեղեցին համայնք է. նոյն հաւատքով, յոյսով ու սիրով շաղկապուած ու Քրիստոսի աշխարհ բերած սկզբունքներուն, արժէքներուն ու ճշմարտութիւններուն հետեւելու ուխտը կատարած անձերու հաւաքականութիւն է: Ճի՜շդ է, եկեղեցին վարչակազմակերպչական դրութեամբ ինքզինք կ’արտայայտէ. սակայն սովորական իմաստով կառոյց չէ եկեղեցին. ան աստուածամարդկային համայնք է, աստուածաբանական բացատրութեամբ՝ Քրիստոսի խորհրդական մարմինը: Եկեղեցին իր էութեամբ առաքելութիւն է, իր արտաքին ձեւին մէջ միայն կառոյց: Ան ընկերութեան կեանքին մէջ կ’ապրի ու կը գործէ մեկնելով աստուածային ճշմարտութիւններէ եւ բարոյական ու հոգեւոր արժէքներէ ու սկզբունքներէ: Եկեղեցին կոչուած է Քրիստոսի առաքելութիւնը շարունակելու այս երկրի վրայ: Եկեղեցւոյ պատմութիւնը ցոյց կու տայ, թէ աստուածայինին ու մարդկայինին գոյակցութիւնը եկեղեցւոյ կեանքին ու առաքելութեան մէջ երբեմն, պայմաններու բերումով, եկեղեցին եւ իր պատասխանատուները մղած է մարդկայինը շեշտելու անտեսելով աստուածայինը: Նման մօտեցումներ յաճախ պատճառ դարձած են, որ եկեղեցին սխալ դիրքորոշումներ ունենայ շեղելով իր հարազատ կոչումէն: Նման կացութիւններու դիմաց միշտ կրնայ գտնուիլ եկեղեցին, որովհետեւ ան ընկերութեան կեանքին մէջ ներկայ ըլլալով ենթակայ է անոր ազդեցութիւններուն: Եկեղեցին պէտք է հեռու մնայ նման փորձանքներէ ու փորձութիւններէ:
Այժմ անդրադառնանք հայ եկեղեցւոյ: Ընդհանրապէս հայ եկեղեցին կը բնորոշուի որպէս ազգային եկեղեցի: Ոմանք հայ եկեղեցւոյ ազգային նկարագրին մէջ կը տեսնեն հոգեւոր տարածքի նահանջ. իսկ ուրիշներ՝ հայ եկեղեցւոյ քաղաքականացումը: Տակաւին ոմանք մեր եկեղեցին կը նկատեն ազգային կառոյց՝ լծուած ազգային առաքելութեան: Այս մօտեցումներուն ու ըմբռնումներուն մէջ որոշ ճշմարտութիւններ կան. սակայն մեր արժեւորումներուն ու դատումներուն մէջ հարկ է հեռու մնալ չափազանցութիւններէ ու տոկմաթիք տեսակէտներէ: Ոեւէ ազգի կեանքին մէջ եկեղեցին նաեւ ազգային ինքնութիւն ու առաքելութիւն ունեցած է եւ պէտք է ունենայ: Օրինակի համար, նայեցէք վրաց եկեղեցւոյ, Անկլիքան եկեղեցւոյ, ռուս եկեղեցւոյ, յոյն եկեղեցւոյ, սերպ եկեղեցւոյ, եւլն. : Եկեղեցին կոչուած է, ինչպէս քիչ առաջ ակնարկեցինք, տուեալ ազգի, մշակոյթի ու ընկերութեան կեանքին մէջ տարածել աստուածային ճշմարտութիւնները: Հետեւաբար, իր միջավայրին հետ եկեղեցւոյ սերտ յարաբերութիւնը ոչ միայն բնական է, այլ անհրաժեշտ է: Սակայն անբնական է, միաժամանակ վնասաբեր, երբ եկեղեցին ամբողջութեամբ նոյնանայ իր միջավայրին հետ դառնալով անոր ենթակայ եւ ոչ թէ կը գործէ որպէս իր միջավայրը հոգեւոր ու բարոյական արժէքներով պայծառակերպելու կոչուած առաքելութիւն: Ահա հո՜ս է վտանգը:
Հայ ժողովուրդի պատմութեան ընթացքին, Հայաստանի, Կիլիկիոյ եւ Սփիւռքի մէջ, պայմաններու պարտադրանքով, հայ եկեղեցւոյ ազգային դերը ու նկարագիրը շեշտուած է: Երբ կորսնցուցած ենք մեր պետականութիւնը, փաստօրէն եկեղեցին դարձած է մեր պետականութիւնը ներկայացնող կեդրոնական հաստատութիւնը. եկեղեցին դարձած է մշակոյթ ստեղծող ու պահպանող հոգեմտաւոր կառոյցը: Այլ խօսքով, մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս առաջնորդի առանցքային դեր ստանձնած է եկեղեցին: Մեր եկեղեցւոյ ազգային դերակատարութիւնը բնականաբար մեծ շահ ապահոված է մեր ժողովուրդին ու հայրենիքին. սակայն եկեղեցւոյ շեշտուած ազգային դերակատարութիւնը որոշ չափով պատճառ դարձած է որ անոր կեանքին ու առաքելութեան մէջ նահանջ արձանագրէ հոգեւորը: Անդրադառնալով այս իրողութեան, Մեր պատգամներուն ու խօսքերուն մէջ յաճախ կը յիշեցնենք մեր եկեղեցւոյ պատասխանատուներուն թէ՝ առանց անտեսելու հայ եկեղեցւոյ նաե՜ւ ազգային նկարագիրը ու դերը, անհրաժեշտ է յատուկ կարեւորութիւն ընծայել հոգեւոր տարածքին՝ ներքին աւետարանչութեան, կրօնական դաստիարակութեան, հոգեւոր ու բարոյական արժէքներու ուսուցման, ընկերային ծառայութեան: Մեր ժողովուրդի վերաքրիստոնէացումը հրամայական ու անյետաձգելի անհրաժեշտութիւն է:
Արդարեւ, չափազանցուած շեշտաւորումը հայ եկեղեցւոյ ազգային առաքելութեան կրնայ զայն պարպել իր հոգեւոր պարունակէն՝ մեր եկեղեցին վերածելով հասարակական կեանքէն ներս գործող սովորական կառոյցի: Նման կացութենէն կրնան օգտուիլ աղանդաւորական շարժումները դիւրին կերպով մօտենալով հոգեւոր սնունդի կարօտ մեր ժողովուրդի զաւակներուն: Յիշեալ կացութիւնը նաեւ եկեղեցին կը վերածէ քաղաքական ու կուսակցական կառոյցներու ու շարժումներու ազդեցութեան գօտիի՝ վտանգելով եկեղեցւոյ ինքնութիւնը եւ անոր առաքելութեան իւրայատկութիւնը: Մեր եկեղեցւոյ հոգեւոր ու ազգային իւրայատուկ նկարագրին պահպանումը, միշտ ներդաշնակելով երկու տարածքները եւ շեշտելով հոգեւորը, ո՜չ միայն կը նշանակէ հաւատարիմ գտնուիլ քրիստոնէական եկեղեցւոյ էութեան ու կոչումին, այլ նաեւ նպաստել մեր ազգի կեանքէն ներս հոգեւոր ու բարոյական արժէքներու կենսագործման՝ հայրենակերտումի ու ազգակերտումի մեր համահայկական աշխատանքներուն տալով բարոյական ու հոգեւոր շունչ ու արեւելում:
2.– Ինչպէ՞ս էք գնահատում… Վեհափառ Տէր, հայ եկեղեցւոյ առաջնորդող դերը այսօր:
– Հայ եկեղեցւոյ առաջնորդողի դերի մասին խօսելէ առաջ դարձեալ հարկ է նայիլ Քրիստոսի կեանքին ու առաքելութեան: Արդարեւ, Քրիստոս իր խաչով ու յարութեամբ նոր ընթացք եւ ուղղութիւն, նոր խորք ու նպատակ տուաւ մարդկային պատմութեան: Աշխարհ բերած իր արժէքներով, սկզբունքներով ու ճշմարտութիւններով Քրիստոս յեղաշրջեց մարդկային պատմութիւնը, քանդեց նիւթին, շահին, փառքին, անցաւորին վրայ հիմնուած արժէքներու համակարգը, եւ հաստատեց երկնային արժէքներու համակարգը: Մարդկային պատմութեան այս մեծ իրագործումը Քրիստոս կատարեց խոնարհութեամբ ու ծառայութեամբ: Ան խոնարհութեամբ կերտեց իր մեծութիւնը ու ծառայութեամբ նուաճեց իր հզօրութիւնը: Եղաւ առաջնորդ նախ ըլլալով ծառայ. Աւետարանին բառերով՝ Քրիստոս աշխարհ չեկաւ ծառայութիւն ընդունելու, այլ ծառայելու (Մատթ. 20, 28): Քրիստոս իր եկեղեցւոյ ճամբով կը յիշեցնէ բոլորին թէ՝ մեծ ըլլալ կը նշանակէ խոնարհ ըլլալ, առաջնորդ ըլլալ կը նշանակէ ծառայ ըլլալ:
Մենք գերազանցօրէն այսպէ՜ս կ’ըմբռնենք նաեւ մեր կեանքէն ներս առաջնորդ եկեղեցւոյ ըլլալու դերը: Եկեղեցւոյ հեղինակութիւնը ո՜չ իր նուիրապետական կառոյցին եւ ոչ ալ իր ունեցած տնտեսական եւ այլ առաւելութիւններուն մէջն է: Եկեղեցւոյ հեղինակութիւնը դէպի ժողովուրդ ուղղուած իր ծառայութեան մէջն է. Աւետարանի արժէքներուն ու սկզբունքներուն նկատմամբ իր ունեցած հաւատարմութեան մէջ է: Եկեղեցին կը շեղի իր հարազատ կոչումէն երբ իր հեղինակութեան աղբիւրը փնտռէ այլ տեղ: Եկեղեցին ՙմարգարէական դեր՚ ունի ընկերութեան կեանքին մէջ: Ի՞նչ էր դերը մարգարէներուն Հին Կտակարանին մէջ.– ժողովուրդին հետ ըլլալ, անոր ցաւին սպեղանի դառնալ, ուսուցանել, ծառայել. անհրաժեշտութեան պարագային՝ յիշեցնել, մարտահրաւէր ուղղել, զգաստութեան կոչ ուղղել, Աստուծոյ ճամբան ցոյց տալ, Աստուծոյ ձայնը դառնալ, ժողովուրդին խիղճը ըլլալ, ժողովուրդին հաւաքական կամքը արտայայտել. եւ այս բոլորէն վեր՝ Աստուած–ժողովուրդ յարաբերութեան ճամբան հարթել: Այսպէ՜ս պէտք է ըլլայ նաեւ եկեղեցւոյ դերը: Ան պէտք է խստօրէն դատապարտէ մեր կեանքէն ներս յառաջացող վնասաբեր երեւոյթները, բարոյական անկումը, տեսանելի ու ոչ–տեսանելի շահագործումները ու կեղեքումները եւ անոնց ետին գտնուող անձերը՝ առանց խտրութեան: Սոսկ դատապարտումէ անդին եկեղեցին իր հոգեւոր սպասաւորներու կեանքին ու ծառայութեան ճամբով ցոյց պէտք է տայ մարդուն առջեւ բացած Քրիստոսի ճշմարիտ ճամբան: Չմոռնանք, որ եկեղեցին ժողովուրդին տանողը հոգեւորականն է, եկեղեցւոյ հոգեւոր սպասաւորը Քրիստոսի դեսպանն է:
Մեր եկեղեցին կոչուած է ազգին կեանքէն ներս դառնալու հոգեւոր ու բարոյական արժէքներու մատակարարը ու բարոյական սկզբունքներու ՙանլռելի զանգակատուն՚ը: Այս է իր առաքելութիւնը: Սակայն, անհրաժեշտ է որ այդ արժէքները նախ ճառագայթեն իր հոգեւոր սպասաւորներու կեանքին մէջ, իր հաւատքի առաքելութեան ու ազգային ծառայութեան մէջ: Առաջնորդ ըլլալը աստուածատուր կոչում մըն է. եկեղեցին կոչուած է հաւատարիմ գտնուելու իր սրբազան կոչումին՝ իր ծառայութեամբ: Հաւատարիմ գտնուիլ այդ կոչումին կ’ենթադրէ համարատու ըլլալ Աստուծոյ ու միաժամանակ այն ժողովուրդին որուն ծառայութեան լծուած է եկեղեցին: Հայ եկեղեցին կղերակեդրոն կառոյց մը չէ. եկեղեցին ժողովուրդն է: Արդ, ժողովուրդի մասնակցութիւնը եկեղեցւոյ համայնական կեանքին, որոշումներուն, աշխատանքներուն, կեցուածքներուն, անոր ազգային նկարագրին ու դերին շօշափելի արտայայտութիւնն է: Հետեւաբար, մեր ժողովուրդը եկեղեցւոյ պէտք է նայի որպէս իր սեփական եկեղեցին: Եկեղեցւոյ ուղղուած տհաճ արտայայտութիւնները, կատարուած անտեղի քննադատութիւնները ու միակողմանի դատումները վնասաբեր են: Եկեղեցին վերանորոգելու ու բարեկարգելու առաջնորդող առողջ ու շինիչ քննադատութիւնը իւրաքանչիւր հայուն իրաւունքն է ու միաժամանակ պարտաւորութիւնը:
3.– Վեհափառ Տէր, դուք որ լաւ կը ճանչնաք սփիւռքը, ի՞նչ ունիք ըսելիք սփիւռքեան գոյավիճակին եւ ինքնութեան պահպանման մարտահրաւէրներու մասին: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը առանցքային դեր ունի սփիւռքի մէջ: Ի՞նչ է Ձեր մօտեցումը այս գծով:
– Անհրաժեշտ է նախ սկսիլ ՙսփիւռք՚ հասկացողութենէ: Սփիւռքը հայոց պատմութեան մէջ մնայուն իրականութիւն եղած է: Իր աշխարհագրական դիրքին հետեւանքով Հայաստանը ենթակայ դառնալով յարձակումներու ու գրաւումներու, հայ ժողովուրդը յաճախ ստիպուած եղած է հեռանալու իր հայրենիքէն ու ապաստանելու Հայաստանի մերձակայ երկիրներուն մէջ ու մինչեւ Բիւզանդիոն: Սփիւռքը, որպէս կազմակերպուած իրականութիւն, սկսաւ գոյաւորուիլ տասերորդ դարու վերջաւորութեան Կիլիկիոյ մէջ: Կիլիկիոյ թագաւորութեան կործանումէն յետոյ հայերը մնացին Օսմանեան Կայսրութեան սահմաններէն ներս. նաեւ գաղթեր տեղի ունեցան դէպի Եւրոպա: Սփիւռքը նոր ծաւալ ու նկարագիր ստացաւ յատկապէս 1915–ի հայկական ցեղասպանութենէն յետոյ:
Այսօր սփիւռքը խայտաբղեդ կացութիւն մը կը պարզէ. փաստօրէն երեք տեսակ սփիւռքներ գոյութիւն ունին.– այսպէս կոչուած դասական սփիւռքը՝ Կիլիկիայէն ու Ցեղասպանութենէն յառաջացած: Սովետական Միութեան շրջանին յառաջացած սփիւռքը. եւ վերջին երկու տասնամեակներուն Հայաստանէն արտագաղթած հայերուն գոյացուցած սփիւռքը: Բնականաբար, այս երեք սփիւռքներուն միջեւ ներքին յարակցութիւն մը գոյութիւն ունի, սակայն անոնք տարբեր կազմակերպուածութիւն ու տարբեր մտահոգութիւններ ունին: Սա բարդ խնդիր մըն է որ կը կարօտի լուրջ քննարկումի: Անհրաժեշտ է յառաջացնել այնպիսի գործընթացք, որով կարելի ըլլայ մէկ կողմէն՝ ներկայ սփիւռքները համախմբել հասարակաց կառոյցներու ու համահայկական արժէքներու շուրջ, իսկ միւս կողմէն՝ Հայաստան–Սփիւռք գործակցութիւնը աւելի սերտացնել ու ճիշդ կերպով հունաւորել: Այս մարզէն ներս կատարուած նախաձեռնութիւնները, Մեր հայեցողութեամբ, ընդհանրապէս ժամանակաւոր ու ժամանակավրէպ են: Կ’ապրինք այնպիսի աշխարհի մը մէջ ու կը դիմագրաւենք այնպիսի մարտահրաւէրներ, որոնց դիմաց ամէն բան վարդագոյն ներկայացնելու, մակերեսային միջոցներու դիմելու ու պսպղուն ձեռնարկներ կազմակերպելու փորձերը պարզապէս ժամանակի, մարդուժի ու նիւթականի վատնում են: Մէկ ազգի, մշակոյթի ու հայրենիքի հասկացողութիւնը զգացական, տեսական, ռոմանթիք ոլորտներէ անհրաժեշտ է բերել կեանքի ու զայն գործնապէս արտայայտել: Սա համազգային մաշտապով ու միասնական ճիգով ինչպէս նաեւ լրջօրէն ուսումնասիրուած ու ծրագրուած գործընթացքով պէտք է կատարուի:
Ձեր հարցադրումին մէջ կ’ակնարկէք երկու կարեւոր մտածումներու կամ երեւոյթներու.–
ա) Գոյավիճակ.– Սփիւռքեան ներկայ գոյավիճակը պարտադրեալ իրականութիւն մըն է. կ’ակնարկենք դասական սփիւռքին: Սփիւռքը միշտ մերժած է ու կը մերժէ իր գոյավիճակը: Ազգահաւաքը ու հողահաւաքը անկախ Հայաստանի դրօշին տակ սփիւռքին համար միշտ եղած է ամէնօրեայ տագնապ ու նպատակասլաց տեսիլք: Նոյնը կը մնայ այսօր: Վայ մեզի երբ ներկայ գոյավիճակը դառնայ մնայուն եւ այս համոզումով սփիւռքը իր կեանքը կազմակերպէ ու ապրի: Սովետական շրջանին յառաջացած սփիւռքը պայմաններու բերումով լայն չափով հեռացաւ եկեղեցիէն, մշակոյթէն ու դպրոցէն: Այսօր ուրախութեամբ կը նշմարենք ճիգ մը այս սփիւռքին մօտ՝ իր ազգային պատկանելիութիւնը վերաշեշտելու, յատկապէս Հայաստանի ու Ղարաբաղի վերաշինութեան իր գործօն մասնակցութեամբ: Իսկ ամենէն ցաւալին Հայաստանի վերանկախացումէն յետոյ գոյացած սփիւռքն է: Ինչ ալ ըլլան արտագաղթի դրդապատճառները, Մեզի համար անընդունելի երեւոյթ է հայրենիքէն հեռացումը: Մենք ազգովին պէտք է քաջալերենք հայրենադարձութիւնը եւ մերժենք հայրենալքումը: Սփիւռքի հզօրացումը կենսական է: Հզօր Հայաստան կ’ենթադրէ հզօր սփիւռք: Արդ, եթէ ներկայ սփիւռքը իր երեք տարածքներով լուրջ ու ամբողջական վերակազմակերպումի չենթարկուի ու իր ամբողջականութիւնը ու միասնականութիւնը գործնապէս չարտայայտէ, մօտ ապագային ան կրնայ լուրջ ու անդառնալի վտանգներու դիմաց գտնուիլ:
բ) Ինքնութիւն.– Դասական սփիւռքը հակառակ իր դիմագրաւած ահաւոր դժուարութիւններուն, իր ազգային ինքնութիւնը պահեց՝ եկեղեցի շինեց, դպրոց հաստատեց, կառոյցներ հիմնեց, հայ դատ հետապնդեց: Սփիւռքի մէջ հայ ըլլալը դիւրին չէր. ան ըլլալու եւ չըլլալու ամէնօրեայ պայքար էր: Սփիւռքը նախընտրեց հայ մնալ եւ ծով զոհողութեամբ: Ո՜չ միայն սփիւռքը հայ մնաց, հաւատարիմ մեր արմատներուն, այլ եղաւ ու կը մնայ պահանջատէր: Ներկայ համաշխարհայնացած աշխարհին մէջ մեր ինքնութեան պահպանումը, յատկապէս սփիւռքի մէջ, լուրջ մարտահրաւէր մըն է: Ի՞նչ կը նշանակէ հայ ըլլալ. ի՞նչ են մեր ինքնահասկացութեան տուեալները, չափանիշները: Ի՞նչ ազդու միջոցներով կարելի է մեր հայութիւնը գործնապէս արտայայտել: Նման հարցադրումներ կը կարօտին լուրջ քննարկման: Հասարակաց ու ընդհանրական մօտեցումներուն առընթեր, հարկ է նաեւ նկատի ունենալ միջավայրային պայմանները: Օրինակ, ո՞վ իրաւ հայ է, ան որ լաւ հայերէն կը խօսի, սակայն հեռու է մեր ազգային կեանքէն, եթէ ոչ ան, որ պայմաններու բերումով հայերէն չի խօսիր, սակայն գործնապէս մասնակից է մեր ազգային կեանքին: Նման կացութիւններուն զգացական մօտեցումները ու միակողմանի դատումները ճիշդ չեն: Այսօր մեր ինքնութեան հասկացողութեան, բիւրեղացման ու պահպանման գծով անհրաժեշտ է որդեգրել նոր հայեցակէտեր ու գործընթացներ՝ առանց հեռանալու մեր ինքնութիւնը գոյաւորող ու պահպանող հիմնական արժէքներէն ու կառոյցներէն: Սփիւռքը իր կեանքը ի՜նք պէտք է վերակազմակերպէ. իսկ Հայաստանը հայկական ոգի ու շունչ պէտք է ներարկէ սփիւռքին:
Այս բոլորին մէջ ո՞ւր է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը:
Այս ուղղութեամբ կ’ուզենք պարզապէս եւ ամփոփ կերպով մի քանի ընդգծումներ կատարել.–
ա) Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ինքզինք կ’ըմբռնէ ու կ’իրագործէ որպէս հաւատքի առաքելութիւն ու ազգային ծառայութիւն: Այլ խօսքով՝ հոգեւորը ու ազգայինը իրենց ներդաշնակ ու սերտ գոյակցութեամբ եւ զիրար ամբողջացնող ու հզօրացնող ներկայութեամբ տիրական ներկայութիւն են մեր Սուրբ Աթոռի համազգային ծառայութեան մէջ: Սա ոչ տեսական եւ ոչ ալ զգացական հաստատում մըն է: Նայեցէք մեր Հայրապետական Աթոռի գործին, ծառայութեան: Հոն ներկայ է հոգեւորը իր զանազան արտայայտութիւններով, ներկայ է նաեւ մշակոյթը ու դպրոցը, ինչպէս նաեւ ընկերային ծառայութիւնը, հայ դատը ու միջ–եկեղեցական ու միջ–կրօնական երկխօսութիւնը: Մեր առաքելութեան ու ծառայութեան այս համապարփակ մօտեցումը, բնականաբար երբեմն մէկ կամ միւս տարածքին շեշտաւորումով, կը նկատենք կենսական՝ նկատի ունենալով մեր ժողովուրդի կեանքին յարափոփոխ պայմանները ու դիմագրաւած մարտահրաւէրները:
բ) Անհրաժեշտ է մեր առաջնահերթութիւնները յստակեցնել: Պատահական ու ձեւական մօտեցում մեր աշխատանքին մեզ պիտի առաջնորդէ ինքնակղզիացման: Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը կը դառնայ լիարժէք ու ազդու երբ ան համապատասխանէ տուեալ ժամանակներու ու պայմաններու կարիքներուն ու մտահոգութիւններուն: Սփիւռքի մէջ հայապահպանումը կը մնայ հիմնական, առաջնային: Սակայն, հայապահպանման միջոցները պէտք է փոխուին ու մանաւանդ, ինչպէս յիշեցինք, հայապահպանման նպաստող մեր կրօնական, մշակութային ու ազգային կառոյցները անհրաժեշտ է որ վերանորոգման ու վերակազմակերպման ենթարկուին՝ համահունչ ներկայ ժամանակներու մարտահրաւէրներուն:
գ) Հայ եկեղեցւոյ բարեկարգութիւնը կը մնայ առանցքային մտահոգութիւն: Առանց փոխելու իր իւրայատուկ ինքնութիւնը, մեր եկեղեցին պէտք է դառնայ 21րդ դարու եկեղեցի: Նոր սերունդը տարբեր մօտեցում ունի եկեղեցւոյ նկատմամբ. ան աւելի՜ն կը սպասէ մեր եկեղեցիէն: Եկեղեցին չի կրնար թանգարանի վերածուիլ: Մեր եկեղեցին բարեկարգելու առաջնորդող ծրագիրներու շուրջ սկսած են խորհրդակցիլ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնն ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը:
դ) Հայ դպրոցը իր հայակերտումի առաքելութեամբ, եկեղեցւոյ կողքին, սփիւռքի գոյապայքարին, մեր մշակութային արժէքներու պահպանման ու հայ դատի հետապնդման աշխատանքներուն մէջ նշանակալից դեր ունեցաւ եւ ունի: Այսօր հայ դպրոցը կը գտնուի լուրջ դժուարութիւններու դիմաց: Եկեղեցին չի կրնար անտարբեր մնալ այս կացութեան դիմաց:
ե) Ազգային պահանջատիրութիւնը նաեւ մեր եկեղեցւոյ առաքելութեան մաս կը կազմէ: Իր ժողովուրդին իրաւունքներուն պահանջատէրը պէտք է դառնայ եկեղեցին: Սա սոսկ ազգային խնդիր չէ, այլ՝ աստուածաբանական իմաստով պարտաւորութիւն մըն է եկեղեցւոյ համար:
զ) Հայաստանի ու Արցախի հզօրացման հրամայականը միշտ կը մնայ առաջնահերթութիւն: Եկեղեցին չի կրնար կրաւորական դիրք ունենալ մեր ազգը եւ հայրենիքը յուզող հիմնահարցերու նկատմամբ: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը անցեալին եղած է ջահակիրը ամբողջական Հայաստանի տեսլականին: Նոյնը կը մնայ այսօր: Ազգային պահանջատիրութիւնը մեզի համար ցեղասպանութեան ճանաչումը չէ միայն: Մեր Դատին մաս կը կազմէ նաեւ Արցախի անկախութիւնը, պատմական Հայաստանի վերականգնումը, ներկայ Հայաստանի հզօրացումը:
Մեր մատնանշած մարզերուն մէջ ու պարզած ծրագիրներուն ու արծարծած մտահոգութիւններուն ու խնդիրներուն գծով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը հսկայ աշխատանք կատարած է: Մեր Սուրբ Աթոռը իր կատարած աշխատանքներուն մասին չի սիրեր խօսիլ, այլ իր կատարելիք աշխատանքներու նկատմամբ իր յանձնառութիւնը կը վերահաստատէ: Արդարեւ, մեր ազգին, հայրենիքին ու եկեղեցւոյ դիմաց հսկայ խնդիրներ ու անելիքներ կան: Խորապէս կը հաւատանք, որ համահայկական խնդիրները իրենց ճիշդ լուծումը կը գտնեն եւ ազգի ու հայրենիքի երազները եւ ձգտումները կ’իրականանան երբ ազգային միասնականութիւնը դառնայ մեր կեանքին նշանաբանը ու մեր գործին մղիչ ուժը:
Մեր հին կայքէջը,Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ կայքէջը,
L'École Arménienne Sourp Hagop Սուրբ Յակոբ Ազգային Վարժարանի կայքէջը
Copyright 2011 Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Սուրբ Յակոբ Կիրակնօրեայ Դպրոց. All rights reserved.
3401 Olivar-Asselin
Montreal, QC H4J 1L5
ph: 514-513-4224
alt: 514-331-5445 X 202
torosab