3401 Olivar-Asselin
Montreal, QC H4J 1L5
ph: 514-513-4224
alt: 514-331-5445 X 202
torosab
Աբեղայ Ասորական ծագում ունեցող այս բառը կը նշանակէ առանձին ապրող֫ չամուսնացած։ Մեր եկեղեցիէն ներս Աբեղայ կը կոչուին կուսակրօն քահանաները։ Տարբերութիւնը ամուսնացեալ քահանային եւ աբեղային միջեւ հետեւեալն է ձեռնադրութեան օրը֫ երեկոյեան ժամերգութեան ընթացքին֫ աբեղան յատուկ ուխտ կը կատարէ կուսակրօն մնալու եւ չամուսնանալու։ Ատոր փոխարէն֫ ան կը խոստանայ ամբողջութեամբ նուիրուիլ հոգեւոր ծառայութեան։
Աբէլ եւ Կայէն Դրախտէն վտարուելէ ետք Ադամն ու Եւան ունեցան երկու որդի։ Մեծին կոչեցին Կայէն իսկ փոքրին Աբէլ։ Եղբայրները իրենց ծնողներու հետ սկսան կրել օրուայ հացը վաստակելու ծանրութիւնը֩ Կայէնը կը զբաղուէր հողագործութեամբ֫ իսկԱբէլը հովիւէր։ Հայրական տան մէջ հաստատուած օրէնքի համաձայն՝ անգամ մը Կայէնը Աստուծոյ նուէր մատուցանեց իր մշակած հողի առաջին բերքէն՝ երախայրիքը֫ իսկ Աբէլը զոհաբերեց իր հօտին առաջին ծնածներէն։ Տէրը֫ սակայն֫ կը ճանչնար անոնց սիրտերը֩ գիտէր֫ որ Աբէլը իր գառնուկներէն ամենալաւերը ընտրեց֫ մինչդեռ Կայէնը բերքի լաւագոյն մասը պահեց իրեն։ Այս պատաճառով Աստուած ընդունեց Աբէլի զոհաբերուլթինը եւ տուաւ իր բարեհաճութեան նշանը֫ իսկ Կայէնի նուէրին Ան չնայեցաւ։ Եւ Կայէնը նախանձէն ու չարութենէն մղուած սպաննեց Աբէլին։ Աշխարհի մէջ կատարուած առաջին սպաննութիւնն էր այդ։ Աստուած անիծեց մարդասպանին եւ Կայէնը իր ողջ կեանքի ընթացքին հանգստութիւն եւ ապահովութիւն չգտաւ։
ԱՂԱՒՆԻ Կը կոչուի նաեւ Աղաւնաձեւ տուփ֫ ուր հանդիսաւոր արարողութեամբ միւռոնը կը դրուի։ Ան կը խորհրդանշէ Սուրբ Հոգին ֦Ս֩Հոգին Յիսուսի մկրտութեան ատեն յայտնուեցաւ աղաւնիի կերպարանքով֧։ Միւռոնը կը դրուի Աղաւնիին փորը՝ որ պայման է ըլլայ արծաթէ֫ Աղաւնին ծռելով միւռոնը կը ծորիի բերնէն։ Աղաւնին ընդհանրապէս արծաթէ շինուած կ՛ըլլայ իսկ վրայի զարդարանքները ձգուած են արուեստագետի ճարտարութեան եւ ճաշակին։
ԱՂԱՒՆԻ ԹՌՑՆԵԼ Աղաւնի թռցնելու ժողովրդական սովորութիւնը կը նկատուի Ս֩ Հոգիի եւ խաղաղութեան խորհրդանիշ։ Արդարեւ զանազան եկեղեցական արարողութեանց ընթացքին եւ աւարտին կը տեսնենք այդ սովորութեան գործածութիւնը անոր այլազան նշանակութեամբ։ Ինչպէս օրինակ՝ Միւռոնօրհնէքին՝ Սովորութիւն մը եւս կը գտնենք մեր բարեպաշտ հաւատացեալներուն մօտ֫ նորապսակ ամոլներու պսակի արարողութեան աւարտին֫ եկեղեցիէն դուրս ելած պահուն֫ աղաւնի կը թռցնեն՝ ի նշան ուրախութեան֫ խաղաղութեան֫ երջանկութեան եւ Աստուծոյ օրհնութեան արժանանալուն խորհրդանիշ։ Ինչպէս նաեւ բրինձ եւ շաքար կը թափեն զոյգին գլուխներուն վրայ եւ վարդ անոնց ոտքերուն առջեւ։ Աղաւնի թռցնել երկրէն երկինք֫ խորհրդանշականօրէն նորապսակ զոյգին ընծայումն է Աստուծոյ իրենց ծնողներուն կողմէ։
ԱՇՏԱՆԱԿ Փայտէ կամ մետաղէ որեւէ մեծութեամբ կամ ձեւով կարասի մը Որուն վրայ մոմը կը դրուի հաստատուն կամ շիտակ կենալու եւ վառելու համար֩ գլխաւորաբար կը գործածուի սեղանի վրայ֫ ուր սովորաբար կը գտնուին տասներկու մեծկակ աշտանակներ֫ իրենց յարմար մոմերով։ Զար- դարանքի ճաշակը հետզհետէ շատցուցած է աշտանակներու թիւը իսկ այժմ կարգ մը եկեղեցիներու մէջ մոմերը փոխարինուած են մոմաձեւ լոյսերով։
ԱՏԵԱՆ Եկեղեցական իմաստով կը նշանակէ ՄԷՋՏԵՂ։ Ատեան եկեղեցւոյ՝ կը նշանակէ եկեղեցւոյ մէջտեղը։ Ատենի ժամագիրք կը նշանակէ բեմին մէջտեղ Գրուած ժամագիրք։ Ատենի աւետարան կը նշանակէ դասին մէջտեղ Կարդալու գործածուած աւետարան։
Բաբելոնեան աշտարակաշինութիւն Նոյի սերունդները֫ ջրհեղեղէն ետք բազմանալով֫ աստիճանաբար սկսան արեւելքէն դէպի Սենաարի երկիրը երթալ։ Ասիկա մեծ հարթավայր էր֫ Տիգրիս եւ Եփրատ գետերու միջեւ։ Անոնք կը խօսէին մէկ լեզուով։
Քամի սերունդները չէին մոռցած Նոյի անէծքը եւ կը վախնային իրենց սպառնացող ստրկութենէն։ Ուստի անոնք այլ ցեղերու հետ որոշեցին քաղաք մը կառուցել֫ ուր պէտք է շինէին մինչեւ երկինք հասնող աշտարակ մը։ Բայց այդ նպատակը հաճելի չէր Աստուծոյ֫ եւ ան չհանդուրժեց այդպիսի ամբարտաւանութեան։ Աստուած խառնեց այդ մարդոս լեզուները եւ անոնք դադրեցան զիրար հասկնալէ֫ եւ աշտարակի հետագայ շինարարութիւնը անհնար դարձաւ։ Եւ այդպէս֫ Աստուծոյ կամքով֫ չիրականացաւ այդ խելահեղ եւ մեծամիտ ծրագիրը֫ եւ մարդիկ ցրուեցան աշխարհի բոլոր տարածքները։ Այսպիսով յառաջացան տարբեր ժողովուրդներ որոնք կը խօսէին տարբեր լեզուներով։ Այդ քաղաքը կոչուեցաւ Բաբելոն որ կը նշանակէ խառնակութիւն։
Բազպան Բազպանները զարդարուն եւ ասեղնագործուած կտորներ են որոնք քահանան կը կրէ իր երկու թեւերուն վրայ։ Բազպանները կը խորհրդանշեն այն վահանները որոնք քահանան պիտի պաշտպանեն չարին դէմ֫ որպէսզի ան կարողանայ սրբութեամբ սպասաւորել Աստուծոյ։
Այս պատճառաւ է որ զգեստաւորման ժամանակ֫ քահանան֫ իր թեւին անցնելով երկու բազպանները֫ կ՛ըսէ֩ Տէ՛ր֫ զօրութիւն տուր իմ ձեռքին֧։
ԲԱԺԱԿ Յաճախ գործածուած է Ս֩ Սկիհի իմաստով։ Բաժակը նշխարով նկարուած Ս֩Հաղորդութեան իմաստ ունի։ Յաճախ բաժակը սրտի իմաստ կ՛առնէ֫ որովհետեւ իր մէջ կը պարունակէ Քրիստոսի արիւնը ֦գինին֧ եւ մարմինը ֦հացը֫ նշխարը֧։ Բաժակը կը խորհրդանշէ նաեւ Քրիստոսի վերջին ընթրիքը եւ խաչի վրայ զոհագործումը։
ԲԱՆԿԱԼ Եկեղեցւոյ արտաքին դռնէն մերս մտած ատեն֫ տաճարին մեծ դուռը չգացած֫ անցքին մէկ կամ երկու կողմերը՝ վրան գոց ու առջեւը բաց տեղեր ուր մոմ կը գտնուի֫ մաս կառնուի֫ տեղեկութիւն կրնայ ստանալ հաւատացեալը֫ եւ նուէր կրնայ ընել։ Բանկալները մէկէ աւելի կրնան ըլլալ։ Բանկալը կ՛ունենայ իր կամաւոր պաշտօնեաները։
ԲՈԺՈԺ Պզտիկ֫ գնդաձեւ զանգակիկ մըն է։ Մեր եկեղեցւոյ մէջ բոժոժը կը գործածուի բուրվառի շղթաներուն վրայ եւ քշոցին շուրջ֫ որոնց թիւը իւրաքանչիւր սպասին համար կ՛ըլլայ տասներկու հատ֫ կը խորհըրդանշէ Յիսուսի աշակերտները որոնք իրենց քարոզի ձայնը հընչեցուցին բոլոր աշխարհին։
ԲՈՒՐՎԱՌ Բուրվառը կիսագունդ պարունակ մըն է֫ որ որպէս կրակարան կը խորհրդանշէ հաւատացեալներու սիրտն ու հոգին։ կրակարան կապուած է երեք շղթաներով որոնք վերէն իրար միացած են կը խորհըրդանշեն Ս֩ երրորդութիւն Օ։ Շղթաներուն վրայ կը գտնուին չորսական բոժոժներ ֦կը խորհրդանշեն տասներկու առաքեալները֫ որոնք իրենց հընչեղութեամբ Քրիստոսի վարդապետութիւնը տարածեցին աշխարհին֧։ Կրակարանին վրայ խունկի աւելցումով արձակուած ծուխը հաւատացեալներու աղօթքները կը խորհրդանշէ֫ որոնք երկինք կը բարձրանան առ Աստւած։ Հին կտակարանի համաձայն հաւատացեալներու աղաչանքն է Աստուծոյ֫ որ իր աղօթքները ընդունի։
Գեղարդ Այն նիզակը՝ գեղարդը֫ որով զինուորները խոցեցին խաչուած Քրիստոսի կողը֫ հաւատացեալները պահեցին սրբութեամբ։ Հետագային սուրբ Թադէոս առաքեալը զայն բերաւ հայոց աշխարհ։ Սուրբ Գեղարդի միջոցով Հայաստանի մէջ բազմաթիւ նշաններ կատարուեցան։ Այժմ ան կը գտնուի սուրբ Էջմիածնի Մայր տաճարի թանգարանին մէջ։
ԳԱՆՁԱՆԱԿ Առաքելական շրջանին նորադարձ քրիստոնեաներ իրենց ինչքերը ծախելով գումարը կը նուիրէին եկեղեցիին գանձանակին֫ որդեգրելով համայնական ապրելակերպը։ Ներկայիս֫ գանձանակը փոխարինած է շարժուն պնակներու֫ երբ պատարագի ընթացքին ներկաներէն դրամ կը հաւաքուի եկեղեցւոյ կարիքները հոգալու։
Գողգոթա Գողգոթան այն վայրն է ուր խաչուեցաւ Քրիստոս։ Այդ օրերուն֫ ան կը գտնուէր Երուսաղէմի սահմաններէն դուրս֫ դէպի Հիւսիս Արեւմուտք ուղուած բարձունքը։ Այժմ֫ Գողգոթան կը գտնուի Երուսաղէմի քաղաքի սահմաններէն ներս֫ Սուրբ Յարութիւն տաճարէն ներս֫ եւ հոն կառուցուած է յատուկ խորան մը։ Գողգոթան ամէն քրիստոնեայի համար սիրելի եւ երկրպագելի վայր մըն է որովհետեւ հոն խաչուեցաւ Քրիստոս ու իր մահուամբ թողութիւն եւ փրկութիւն եւ յաւերժական կեանք պարգեւեց համայն մարդկութեան։
Ս.Դաւիթ Անյաղթ Հայ մեծ իմաստասէր որ ծներ է Հարք գաւարի Ներքին աւանին մէջ։ Ան Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի աշակերտներէն էր՝ թարգմանիչներու վերջին դասէն։ Ուսաներ է Աղեքսանդրիոյ մէջ՝ ստանալով հելլենիստական կրթութիւն եւ Յոյներու մօտ մեծ հռչակ վայելած է։ Անոր մեծարժէք գրական ժառանգութիւնը֫ յատկապէս ֦Սահմանք իմաստասիրութեան֧ երկը֫ որոշիչ դեր ունեցեր է հայ միջնադարեան փիլիսոփայական գիտութեան կազմաւորման մէջ՝ շուրջ մէկ հազարամեակ ըլլալով բազմաթիւ մեկնողական աշխատութիւններու առարկայ։ Ըստ աւանդութեան֫ Ս֩ Դաւիթ Անյաղթը Եկեղեցւոյ համար ստեղծեր է նաեւ բազմաթիւ երգեր։
Դաս Դաս կը կոչուի եկեղեցիէն ներս գտնուող այն բաժինը որ կը գտնուի խորանին առջեւ֫ անկէ մէկ յարկ ցած սակայն եկեղեցւոյ ընդհանուր սրահէն մէկ քայլ բարձր ու ընդհանրապէս ցանկապատով մը անկէ բաժնուած։
Դասէն ներս կը կենան դպիրները֫ որոնք կը մասնակցին եկեղեցական արարողութիւններուն֫ կը կոչուին ֦դպրաց դաս֧։
Գալով հաւատացեալ ժողովուրդին֫ անոնք միայն հաղորդութիւն ստանալու համար կրնան դասի սահմաններէն ներս անցնիլ։ Աւանդութեան համաձայն֫կը պահանջուի կիներէն որ երբ դաս բարձրանան իրենց գլուխները քօղերով ծածկեն։
Եդեմ Եդեմ կը նշանակէ հեշտութիւն֫ երանութիւն֫ դրախտ֫ բարիքի պարտէզ։ Ըստ եկեղեցական հասկացողութեան֫ եդեմի մէջ ապրած են Աստուծոյ ստեղծած առաջին էակները֫ Ադամն ու Եւան֫ մինչեւ որ անոնք մեղանչեն ու դուրս դրուին դրախտէն։ Ըստ աւանդութեան֫ եդեմէն դուրս կու գայ գետ մը պարտէզը ջրելու համար֫ ապա կը բաժնուի չորս մասերու֩-
Փիսոն֫ Գեհոն֫ Տիգրիս֫ Եփրատ։ Ըստ եկեղեցւոյ հաւատամքին֫ այս չորս գետերը իրենց կարգին կը խորհրդանշեն չորս առաքինութիւններ որոնցմով օժտուած էր մարդը իր ստեղծման պահուն։
Եդեմ բառէն ծագում կ՛առնեն այլ բառեր ինչպէս ֦Եդեմական֧֫ ֦Եդեմատունկ֧֫ ֦Եդեմահիւն֧֫ ֦Եդեմաբուխ֧։
ԵՐԿՐՊԱԳՈՒԹԻՒՆ Եկեղեցական բոլոր արարողութեանց ընթացքին յաճախ կը հանդիպինք ֦Աստուծոյ երկրպագեսցուք֧ թելադրանքին։ Հաւատացեալ ժողովուրդը եւ եկեղեցական դասը կ՛երկրպագեն Աստուծոյ երկիւղածութեամբ եւ հաւատքով։ Այս բարեպաշտական սովորութիւնը հնաւանդ սովորութիւն է եւ կը բացայայտէ հաւատացեալին խոր հաւատքը֫ յարգանքը եւ խոնարհութիւնը հանդէպ իր Արարչին Երկրպագութինր եւ ծնրադրումը բացայայտումն է հաւաատացեալին երկիւղածութեան֫ հեզութեան եւ հնազանդութեան իր Արարիչին կամքին։
Զանգ Իւրաքանչիւր եկեղեցի օժտուած է զանգակատունով մը որուն մէջ կը ղօղանջեն զանգեր֫ հաւատացեալները հրաւիրելու համար դէպի եկեղեցի կամ ժամ։ Դէպի ժամ կանչելու այս իմաստին համաձայն֫ այն անձը որ եկեղեցւոյ զանգերը կը հնչեցնէ կը կոչուի ֦ժամկոչ֧։ Եկեղեցւոյ զանգերու ղօղանջը կը խորհրդանշէ երկու երեւոյթներ֩- Նախ եւ առաջ Աստուծոյ փառքը ապա ահեղ Դատաստանի օրուան ազդեցիկ եւ զգուշացնող ձայնը։
Էմմանուէլ Ահա կոյսը պիտի յղանայ եւ որդի մը կը ծնի֫ եւ զայն պիտի կոչեն Էմմանուէլ֧։ Այս բառերով կը խօսի Եսայի Մարգարէն ակնարկելով Քրիստոսի֫ իբրեւ գալիք Մեսիան։ էմմանուէլ բառը կը նշանակէ ֦Աստուած մեզ հետ֧։
Ընթերցուածք Ընթերցուածքները Սուրբ Գիրքէն առնուած հատուածներ են֫ որոնք ըստ եկեղեցւոյ հաստատած տօնացոյցին կը կարդացուին ամէն օր եկեղեցիէն ներս։
Ըստ արարողութեան բնոյթին֫ ժամերգութիւն կամ պատարագ֫ ընթերցուածքները կը կարդան դպիրը֫ սարկաւագը կամ քահանան։
Իւրաքանչիւր ընթերցուածքի կը յաջորդէ համապատասխան սաղմոս եւ շարական։
Թեմ կը կոչուի տարածաշրջան մը ուր կը բնակին նոյն եկեղեցւոյ պատկանող Հաւատացեալները։ Թեմ մը իր կարգին կը բաժնուի ծուխերու։ Իւրաքանչիւր թեմ ունի իր հոգեւոր հովիւը կամ եպիսկոպոսը։
Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ եկեղեցին կը պատկանի Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Գանատայի Հայոց թեմին։
Թլփատութիւն Տեառն կը նշանակէ Քրիստոսի թլփատութեան օրը որ ըստ հրէական օրէնքին կը կատարուի ծննդեան 8րդ օրը։ Տօնացոյցը աստուածայայտնութեան 8րդ օրը֫ այսինքն Յունուար ։յ կը յիշէ֫ սակայն շարականներու եւ երգերու մէջ բնաւ այդ յիշատակութիւնը չկայ։ Օրացոյցները կարծես խուսափիլ ուզելով թլփատութեան յիշատակութենէն միաձայնութեամբ ֦տօն անուանակոչութեան֧ կը գրեն։
Ժամագիրքը եկեղեցական աստուածապաշտութեան մէջ ամենահին եւ ամենաշատ գործածուող ծիսական ժողովածուներէն է։ Անոր մէջ կը գտնենք ժամերգութեան գրութիւները֫ մաղթանքներ֫ քարոզներ֫ աղօթքներ֫ ընթերցուածներ֫ երգեր եւ շարականներ։ Ժամագրքի հնագոյն անունը մեզի հասեր է Վարդան Մամիկոնեանի դստեր՝ Սրբուհի Շուշանիկի վարքի միջոցով։ Մեր ժամագրքի առաջին կարգաւորողները եղեր են Ս֩ Սահակ Պարթեւը եւ Ս֩ Մեսրոպ Մաշտոցը։ Դարերու ընթացքին ան ճոխացուեր է տարբեր հեղինակներու՝ Ս֩ Յովհաննէս Մանդակունիի֫ Յովհաննէս Սարկաւագի֫ Ս֩ Գրիգոր Նարեկացիի֫ Ս֩ Ներսէս Շնորհալիի եւ այլոց կողմէ։
ԺԱՄԱՏՈՒՆ Այս անունը կրկնակի իմաստ ունի։ Առաջին իմաստով եկեղեցւոյ գաւիթն է ուր ժամերգութիւն կատարելու սովորութիւն կայ։ Աւելի սովորաբար կը նշանակէ այն շէնքերը որոնք եկեղեցւոյ բակին մէջ կը գտնուին֫ եւ ուր քարոզիչները֫ քահանաները եւ այլ պաշտօնեաներ իրենց սենեակները ունին։ Այս առումով կը նշանակեն ժամուն տուները֫ այսինքն այն բնակութիւնները որոնք եկեղեցւոյ յարակից են։
ԺԱՄՈՒՑ Պատարագիչ եկեղեցականին համար հաւաքուած նիւթական օժանդակութիւնն է ժամուցը֫ որպէսզի քահանան իր ծածուկ աղօթքներուն մէջ յիշէ հաւատացեալները ու անոնց ննջեցեալները։
Իմաստութիւն Բոլոր մարդիկ կ՛ուզեն իմաստուն ըլլալ֫ այսինքն՝ ունենալ մտքի այնպիսի կարողութիւն եւ այնքան գիտելիքներ֫ որ երբեք չսխալին։ Շատ հին իմաստասէրներ֫ ուսումնասիրելով երկիրը եւ անոր արարածները֫ երկինքը եւ անոր լուսատուները֫այդպէս ա՛լ չհաւատացին եւ չճանչցան Աստուած եւ յիմար կոյսերու պէս չմտան արքայութիւն։ Ո՞վ է առաւել իմաստուն եթէ ոչ ան֫ որ միշտ զԱստուած կը փնտռէ եւ կը ձգտի ամէն ինչի մէջ հաճելի ըլլալ Անոր եւ դառնալ Անոր բնակարանը։ Սողոմոն իմաստուն Առակաց ։ղ֩ ին մէջ կը գրէ ֦Իմաստութեան սկիզբը Տիրոջը վախն է֧։
Իսրայէլ բառը եբրայերէն լեզուով կը նշանակէ ֦Աստուծոյ հետ կռուող֧։ Այս անունը տրուեցաւ առաջին անգամ Յակոբ նահապետին որ կռուեցաւ Աստուծոյ հրեշտակին դէմ֫ պահանջելով անկէ որ ան օրհնէ զինք։ Յակոբի նմանողութեամբ֫ Իսրայէլ անունին տակ ճանչցուեցան անոր յաջորդող սերունդները։
Լանջախաչը կուրծքէն կախուելու խաչ մըն է իբր շքանշան կամ պատուոյ նշան շնորհուած եկեղեցականներու։ Երկու տեսակ լանջախաչ կայ֫ քահանայական որ պարզ ոսկեզոծ խաչ մըն է մօտ ։օ սմ եւ վարդապետականը որ քիչ մը աւելի մեծ խաչ մըն է որուն մէջ խաչելութեան նկարէն պատկեր մը կայ եւ ներքեւէն պզտիկ զարդ մը կախուած է։ Լանջախաչը կը գործածուի ամէն հանդիսաւոր եւ պաշտօնական պարագաներու մէջ թէ եկեղեցիներու մէջ եւ թէ եկեղեցիներէ դուրս։
ԽԱՉՎԱՌ Մեծ խաչ մըն է ձողի վրայ բարձրացած֫ որ կ՛առաջնորդէ թափօրը երկու կողմերը երկու կերոններով ։ Խաչերը կ՛ըլլան արծաթ կամ այլ մետաղէ֫ բայց դիւրակիր ըլլալու համար փայտէ ալ կ՛ըլլան կամ կերպասի վրայ ասեղնագործուած։
ԽՆԿԱՐԿՈՒԹԻՒՆ Խունկը սկիզբէն պաշտամունքի եւ աստուածպաշտութեան եղանակներէն մին եղած է եւ ունէր ընծայման յատուկ ընծայարան ֦զոհասեղան֧ եւ ծիսակատարման յատուկ կերպ եւ եղանակ։ Նախապէս հին կտակարանի պաշտամունքային պատմութեան մէջ֫ խունկը կ՛ընծայուէր մի միայն քահանաներուն կողմէ։
Խունկը եղաւ նաեւ Քրիստոնէութեան աստուածպաշտութեան արարողական եւ ծիսական եղանակներէն մին։ Խունկը նաեւ եղաւ մոգերուն նոէրներէն մին Յիսուսին֫ որպէս խորհրդանիշ անոր քահանայապետութեան։
Խունկը խորհրդանիշ է անոշահոտ եւ բուրումնաւէտ կեանքին։ Անուշահոտ խունկին հոտը յիշեցումն է քրիստոնեաներուն՝ թէ իրենց կեանքը պէտք է ըլլայ բուրումնաւէտ եւ աստուածահաճոյ կեանք֫ որովհետեւ քրիստոնեաներ Քրիստոսի բուրումնաւէտ անուշահոտն են Աստուծոյ։
Խնկարկել կամ խունկ ծխելը եկեղեցական արարողութեան մաս կազմող ծէս մը ըլլալով֫ հաւատացեալին բարեպաշտական սիըելի սովորութիւններէն մին է։ Հաւատացեալը խունկ կը ծխէ նաեւ իր տան մէջ եւ գործատեղիէն ներս֫ հեռու պահելու իր գործատեղին եւ տունը ամէն տեսակի չար աչքէ եւ սատանայական փորձանքէ եւ չարիքէ։
Խոընկի գործածութիւնը երկու նպատակ ունի֩-
ա- Անուշահոտութիւն բուրել վայրին եւ սրբավայրին մէջ։
բ- Խունկի նման հաւատացեալներուն աղօթքներն ու աղաչանքները բարձրանան առ Աստոած աղերսական֫ անոշ֫ ջերմ եւ ուղիղ վերելքով֫ ինչպէս կ՛ըսէ Սաղմոսերգուն֩- ֦Ուղիղ եղիցի աղօթք իմ֫ որպէս խունկ առաջի քո Տէր֧։
Աղօթք բարձրացնելու նպատակով խունկ կը ծխուի ննջեցեալներոն շիրիմին առջեւ։
ԿԱՐԱԳ Ոտնլուայի արարողութեան աւարտին֫ եկեղեցասէր տիկնանց յանձնախումբին կողմէ պատրաստուած յատուկ տոպրակներուն մէջ զետեղուած կարագները֫ կը բաժնուին հաւատացեալներուն֫ ի յիշատակ պոռնիկ կնոջ քսած իւղին֫ որով օծեց Յիսուսի ոտքերը Սիմոն բորոտի տան մէջ։
Հաւատացեալներ իրենց հետ տուն կը տանին օրհնուած կարագը եւ անով կը քսեն իրենց հարազատներուն ու տնեցիներուն ճակատները֫ որպէս բժշկութեան եւ մաքրութեան դեղ եւ դարմանիչ նիւթ ու զօրութիւն եկած 7խըոդրկչին կողմէ։
ԿԵՐՈՆ Աւետարան կարդալու կամ հանդէսներու ատեն դպիր տղոց բըռնած մոմերը կը կոչուին կերոն։ Ներկայիս կերոնները փայտէ կը շինուին եւ միայն վրան մոմեր կը դնեն։ Կերոնները կը գործածուին նաեւ թափօրներու ընթացքին։
ԿՈՆՔ Լուացուելու համար գործածուած աման որ լուացուողին ձեռքին ներքեւ կը բռնուի֫ որպէսզի փարջէն թափուած ջուրն ընդունի։ Կոնքը պատարագի արարողութեան մէջ կը գործածուի եւ սովորութեան համեմատ մետաղէ կ՛ըլլայ ֦արծաթ կամ պղինձ֧։
ՄԱՍ Եկեղեցւոյ մէջ մաս բաժնելը հնաւանդ սովորութիւն է։ Մաս կը նշանակէ օրհնուած բարակ բաղարջ հացի կտոր֫ որ պատարագի աւարտին կը բաժնուի հաւատացեալ ժողովուրդին պահելու համար նախնական եկեղեցւոյ սիրոյ ճաշի յիշատակը։ հաւատացեալներ մասը կը ստանան իրենց աջ ձեռքի երեսին վրայ եւ համբուրելէ ետք բերանին կը դնեն։ Մասը խորհրդանիշ է ֦փշրանք Ս֩ Սեղանի օրհնութիւններէն֧ անոր համար մաս բաշխողը կ՛ըսէ ֦ սա եղիցի քեզ մաս եւ բաժին ի Ս֩ Պատարագս֧֫ իսկ ստացողը կը պատասխանէ ֦բաժին իմ եղիցի ի Տէր յաւիտեան֧։ Անոնք որ հաղորդուած են պատարագի ընթացքին՝ մաս առնելու չեն։
ՄԿՐՏԱՐԱՆ Այս կը նշանակէ Եկեղեցւոյ աջակողմեան պահարանը֫ որովհետեւ անոր մէջ կը գտնուի աւազանը֫ հիւսիսային որմին առջեւ հաստատուն կերպով կանգնուած։
ՆՇԽԱՐ Մասն ու նշխարը եկեղեցւոյ սպասաւորներու կողմէ կը պատրաստուին սպիտակ֫ մաքուր եւ անխմոր ալիւրով։ Նշխարը կ՛ըլլայ կլոր ու տափակ որ կը կրէ Յարուցեալ Քրիստոսի պատկերը֩մինչ մասը բարակ ու կլորակ է երկաթի վրայ եփուած։ Տնօրհնէքի եւ այլ առիթներու տրուած նշխաները քահանայէն օրհնուած են։
Համաձայն հին բարեպաշտական սովորութեանց֫ հաւատացեալները նշխար մը կէ կրէին իրենց վրայ ապահով ճամբորդութեան համար֫ հիւանդութեան պարագային եւ մանաւանդ պահպանուելու համար սատանայական որոգայթներէ։
ՋՈՒՐ ՍՐՍԿԵԼ Ջուրը բարեպաշտական կիրառութիւն է մեր եւ բոլոր քրիստոնեայ հաւատացեալներուն մօտ։ Վարդավառի տօնին հաւատացեալներ իրարու վրայ կը սրսկեն ջուրը֫ որպէս սթափեցնող եւ վերստին կենդանացնող նիւթ եւ միջոց Քրիստոսի իրաւ այլակերպման եւ Աստուած ըլլալուն։ Ոմանք կը նկատեն զայն ջրհեղեղի խորհըր դանիշ։
ՌԵՀԱՆ Ռեհան գործածելու սովորութիւնը կը գտնենք Ս֩ Խաչուերացի տօնին խաչափայտը զարդարելու համար։ Ռեհանը֫ որպէս բոյս՝ ունի անուշահոտ բուրմունք եւ մշտադալարութիւն֫ ան հաւատացեալներուն սրտին խօսող բոյս է֫ որովհետեւ անոր մէջ տեսած են յատուկ խորհրդանիշ Քրիստոնէութեան յաւերժականութեան եւ բուրումնաւէտութիւնը՝ յաւիտենական կեանքին։
Հաւատացեալներ Խաչվերացի տօնին եկեղեցիէն ստացած Ռեհանը տուն կը տանին եւ կը փորձեն տնկել զայն իրենց տան պարտէզին մէջ֫ որպէս եկեղեցւոյ օրհնութիւն իրենց տան եւ պարտէզին մշտադալարութեան համար։
ՍՊԱՍ Որեւէ անօթ եւ զարդ՝ որ արարողական ծառայութեան կը գործածուի։ Որպէս սպաս կը դասուին ոչ միայն անօթներ այլ նաեւ Աւետարան եւ զգեստներ։ Սպաս կը կոչուի նաեւ պատարագի խորհուրդին համար պատրաստուած նշխարը։
ՏՆՕՐՀՆԷՔ Գրիգոր Տաթեւացիին համաձայն֫ Ս֩ Ծննդեան եւ Ս֩ Յարութեան տօներուն կատարուող Տնօրհնէքը հաստատուած է Քրիստոսի կողմէ֫ երբ ան իր Յարութենէն ետք վերնատան մէջ երեւցաւ իր աշակերտներուն եւ օրհնեց զանոնք։
Առաքելական շրջանին֫ աշակերտները իրենց տիրոջ օրինակով Ծննդեան եւ Յարութեան աւետիսները աւետելով՝ Քրիստոսի օրհնութիւնը կը փոխանցէին։ Ներկայիս֫ քահանաները կը կատարեն այդ պաշտօնը֫ հաւատացեալին տան մէջ օրհնելով ջուրը֫ հացը֫ աղը եւ տնեցիները։
ՁԻԹԵՆԻ ԵՒ ԱՐՄԱՒԻ ՏԵՐԵՒ Ծաղկազարդին՝ ի յիշատակ Քրիստոսի յաղթական մուտքին Երուսաղէմ եւ ժողովուրդին դիմաւորումը Ձիթենիի ոստերով եւ արմաւի տերեւներով։ Պատարագի աւարտին եկեղեցւոյ մուտքին ժողովուրդին կը բաժնուի Ձիթենիի ոստեր եւ արմաւի տերեւ։ Սովորութիւն է նաեւ հաւատացեալներ ստացած տերեւները խաչաձեւ միա- ցընելէ ետք կը զետեղեն իրենց կուրծքին վրայ եւ այսպէս գոհունակ սրտով կը վե- րադառնան իրենց տուները փոքրիներուն լուսաճաճանչ մոմերով։
ՓԱՐՋ Ձեռք լուալու համար ջուր մատուցուելու աման֫ որ կոնքին ընկերն է֫ նոյն նիւթէ եւ ճաշակով շինուած կ՛ըլլայ։ Եկեղեցւոյ մէջ միշտ մետաղեայ է։
ՔՇՈՑ Մետաղեայ շրջանակի ձեւով է եզերքը տասներկու բոժոժներով զարդարուած մասը ամրացած կ՛ըլլայ փայտէ երկար ձողերու վրայ։ Պատարագի ընթացքին յատուկ եւ խորհրդաւոր պահերուն ձեռքի թեթեւ ցնցումներով բոժոժները կը շարժին ու կը հնչեն ծառայելով իբր նւագարան։ Ուրախութեան նուագարան դարձած ըլլալուն մեծ պահքի մէջ չգործածուիր։
Մեր հին կայքէջը,Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ կայքէջը,
L'École Arménienne Sourp Hagop Սուրբ Յակոբ Ազգային Վարժարանի կայքէջը
Copyright 2011 Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Սուրբ Յակոբ Կիրակնօրեայ Դպրոց. All rights reserved.
3401 Olivar-Asselin
Montreal, QC H4J 1L5
ph: 514-513-4224
alt: 514-331-5445 X 202
torosab